2014-01-28 10:52:48

Ափրիկէի Ռատիոներու միութեան 7-րդ ընդհանուր համագումարը` ''Մարզանքը իբրեւ խաղաղութեան գործիք''։


Քամերունի Եաունտէ քաղաքին մէջ, 27 եւ 28 Յունուարին, տեղի կ'ունենայ ''Ափրիկէի ռատիոններու միութեան'' 7-րդ ընդհանուր համագումարը, որուն կեդրոնական գլխաւոր նիւթերը եղան. ''Թուայնացում'' եւ ''Ռատիոններու՝ մարզական դէպքերու սփռումի՝ իրաւունք''։
Վերոյիշեալ համագումարին կը մասնակցի Ռատիօ Վատիկանի ներկայացուցիչ՝ Հայր Պալլոնկ որ իր հերթին, ներկաներուն կը փոխանցէ Ռատիօ Վատիկանի ընդհանուր տնօրէն` Հայր Ֆէտերիքօ Լոմպարտիի պատգամը որուն մէջ հայր Լոմպարտին կը շեշտէ ''մարզանքի կարեւորութիւնը ու զայն կ՛ որակէ որպէս խաղաղութեան գործիք'' ։
Հայր Լոմպարտին կ՛անդրադառնայ նաեւ Ափրիկէի ''թուային'' մարտահրաւէրին որ կը կայանայ – կ՛ըսէ Ան - ''յարատեւ զարգացումի եւ աղքատութեան դէմ՝ պայքարի մէջ''։ Ռատիօ Վատիկանի ընդհանուր տնօրէնը պատգամը կ՛եզրափակէ վստահեցնելով Ռատիովատիկանի յանձնառումը ըլլալու միշտ ''խաղաղութիւնը հռչակողներու կողքին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.